Saturday, October 2, 2010

"ՏԻԳՐԱՆ ՄԵԾ"-Ն Է՞Լ...

"Տիգրան կը պահէր բազմաթիւ յատկանիշներ որոնք զինք կը մօտեցնեն արեւելեան բռնատէրի մը. Պատմութիւնը իր փառամոլութենէն եւ վայրագութենէն բազմաթիւ գիծեր փոխանցած է մեզի։ Յանկարծական շնորհաբաշխումներու եւ շնորհազրկումներու մարդը եղաւ։ Իր ձեռքին մէջ կեդրոնացուց բոլոր իշխանութիւնները, շրջապատուեցաւ իր հրամանները գործադրելու միայն ընդունակ մարդերով, փոխանակ, բոլոր իրական մեծ կազմակերպիչներուն նման, իր գաղափարները իրագործելու ատակ մարդիկ պատրաստելու։ Նափոլէոնի վերաբերեալ Ստանտալի ըրած այն դիտողութիւնը, թէ իր անկումի պատճառներէն մէկն ալ միջակ մարդոց հանդէպ տածած սէրն էր, հաւանօրէն կը վերաբերի նաեւ Տիգրանի"։

"Հայոց պատմութիւն", Հրանդ Փաստրմաճեան, էջ 54

No comments: